Յունաստանի նոր նախագահ Եքաթերինա Սաքելարոփուլու կատարեց երդման արարողութիւնը եւ ստանձնեց պետութեան ղեկավարի պաշտօնը: Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ երէկ` յունական խորհրդարանի յատուկ նիստի ընթացքին:
Սաքելարոփուլուն դարձաւ Յունաստանի պատմութեան մէջ առաջին կին նախագահը:
Աւանդութեան համաձայն, պետութեան ղեկավարի երդումը ընդունեց Աթէնքի եւ համայն Յունաստանի արքեպիսկոպոս Իրերոնիմը` Եպիսկոպոսական խորհուրդի անդամներուն ներկայութեամբ:
Երդման արարողութենէն ետք նոր նախագահը, խորհրդարանի նախագահը, վարչապետն ու արքեպիսկոպոսը արձանագրութիւն ստորագրած են պետութեան նոր ղեկավարի պաշտօնակալութեան մասին:
Յունաստանի նախագահի լիազօրութիւնները սահմանափակուած են հիմնականին մէջ ներկայացուցչական գործառոյթներով, ան օժտուած չէ գործադիր իշխանութեամբ: Հիմնական իշխանութիւնը կը պատկանի վարչապետին:
Նախագահը երկիրը կը ներկայացնէ միջազգային ասպարէզի մէջ, կը ստորագրէ համաձայնագիրները, կը նշանակէ վարչապետը, կ՛ընդունի դիւանագիտական ներկայացուցիչները: