Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ազրպէյճանը դատապարտած է հայերու, թալիշներու եւ լեզգիներու իրաւունքներու խախտման համար:
Համապատասխան զեկուցումին մէջ կը յիշատակուին այն դէպքերը, երբ հայկական մականուններով մարդիկ հետապնդման կ՛ենթարկուին Ազրպէյճան այցելելու ժամանակ: Բացի ատկէ, արտաքին գործոց նախարարութիւնը յիշեցուցած է, որ Ազրպէյճանի մէջ հայերուն նկատմամբ ատելութեան գաղափարներով կը մեծնայ ամբողջ սերունդ մը:
Փաստաթուղթին մէջ նաեւ կը խօսուի երկրի ազգային փոքրամասնութիւններուն` թալիշներուն եւ լեզգիներուն սեփական լեզուներով դասագիրքերէ զրկուած ըլլալու մասին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինֆոթեքա24» կայքը:
Յիշեցնենք, որ հայկական մականուններով բոլոր անձերը կը յայտնուին ազրպէյճանական գաղտնի սպասարկութիւններու ճնշումին տակ, եւ չի թոյլատրուիր անոնց մուտքը երկիր: Իսկ ազրպէյճանական բանտերուն մէջ այժմ կը գտնուին Ռուսիայէն առեւանգուած թալիշական ազգային-ազատագրական շարժումի ղեկավար Ֆահրէտտին Ապասզոտան եւ Ուքրանիայէն պլոկըր Էլվին Իսայեւը: