Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, յայտագիրին վրայ գտնուող վեց մրցումներէն միայն չորսը կատարուեցան, մինչ մնացեալ երկուքը յետաձգուեցան «Քորոնա» ժահրին պատճառով:
Յետաձգուեցան նաեւ յառաջիկայ օրերուն կատարուելիք բոլոր մրցումները:
Նիւ Եորք Նիքս, որ հիւրը եղաւ Աթլանթա Հոքսին, երկարաձգումէն ետք արձանագրեց 136-131 արդիւնքով յաղթանակ մը: Հոքսէն Թրայէ Եանկ նշանակեց 42 կէտ:
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ յաղթեց իր հիւրին` Տիթրոյիթ Փիսթընզին, 124-106 արդիւնքով:
Մայեմի Հիթ իր դաշտին վրայ 109-98 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Շարլոթ Հոռնեթցէն:
Իսկ չորրորդ եւ վերջին մրցումին, Տալաս Մավըրիքս յաղթեց իր հիւրին` Տենվըր Նակեթցին, 113-97 արդիւնքով:
Ցարդ տեղի ունեցած մրցումներէն ետք, փլէյ օֆի իրենց տոմսը ապահոված են հետեւեալ չորս խումբերը.
Միլուոքի Պաքս, Թորոնթօ Ռեփթըրզ, Պոսթըն Սելթիքս (արեւելեան շրջան) եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ (արեւմտեան շրջան):