Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտնեց, որ թրքական ուժերը իրենց գործողութիւնները պիտի վերսկսին ընդհատուած կէտէն, եթէ Իտլիպի մէջ զինադադարի հաստատման համաձայնութիւնը ձախողի:
«Ռուսական զինուորական պատուիրակութեան հետ կարեւոր փոխհասկացողութիւններ գոյացան», նշեց Աքար` աւելցնելով. «Իտլիպի մէջ թրքական ներկայութիւնը կը շարունակուի, եւ մեր ուժերուն հեռացումը բացառուած է»:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան մէկ օր առաջ յայտարարած էր, որ իր երկիրը պիտի չտատամսի Իտլիպի մէջ այլ զինուորական գործողութիւններ կատարելու, եթէ զինադադարը չյարգուի:
Միւս կողմէ, ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Հասաքէի Ռաս Ուլ Այնի գիւղական շրջանի Թել Հալֆ գիւղին մէջ թրքական ուժերու անցարգելի մը վրայ ականուած ինքնաշարժի մը պայթումին պատճառով թրքական բանակի շարքերուն մէջ արձանագրուած են զոհեր եւ վիրաւորներ: