Հայաստանի սամպոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Եւրոպայի սամպոյի պատանեկան եւ երիտասարդական ախոյեանութիւնները յետաձգուեցան անորոշ թուականով:
Անոնք տեղի պիտի ունենային 9-13 ապրիլին, Պուլկարիոյ մէջ:
Միջազգային սամպոյի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով չ՛ուզեր վտանգել մարզիկներուն կեանքը: Ասկէ մեկնելով, ֆետերասիոնը այդ ախոյեանութիւններուն յետաձգումը կը նկատէ աւելի յարմար: