Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ իր երկիրը աւելի ուժեղ հարուածներ պիտի հասցնէ, եթէ Դամասկոս չդադրեցնէ Իտլիպի մէջ զինադադարի խախտումները: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանի կայքը:
«Մենք ուշադիր կը հետեւինք դրութեան եւ այն բոլոր հարցերուն, զորս զինադադարի սահմանին կ՛ընեն վարչակարգին աջակից աշխարհազօրայինները: Եթէ անոնք իրենց խօսքին տէրը չըլլան, մենք նախորդէն աւելի ուժեղ հարուած պիտի հասցնենք», յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահը:
Էրտողանի համաձայն, ան Մոսկուային արդէն տեղեակ պահած է զինադադարի դրութեան քանի մը խախտումներու մասին եւ կոչ ուղղած քայլերու ձեռնարկելու` զանոնք կանխարգիլելու համար:
Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ 70 մեքենաներէ բաղկացած թրքական զինուորական շարասիւն մը մուտք գործած է Սուրիա: