Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն
ԱՒԵՏԻՔ ԱԲՂ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Ո՞վ է Գրիգոր Տաթեւացի: Հարցում մը, որ կը բացայայտէ եւ ի յայտ կը բերէ մեր եկեղեցւոյ գանձերը: Գիտնալու համար, թէ ի՛նչ եկեղեցւոյ կը հետեւինք, ուրեմն պէտք է փորձենք ճանչնալ մեր եկեղեցւոյ տիտանները: Հայ եկեղեցւոյ նախահայրերը մեր այսօրուան եկեղեցւոյ նկարագիրներն են: Մենք անոնց շունչով կ’աճինք, կը մեծնանք, կը սորվինք, նաեւ անոնց շունչով, օրինակով ու հետքերով կը փորձենք ապրիլ: Անոնք անմահ են, սակայն անոնց յիշատակը կ’անմահանայ, երբ փորձենք անոնց նման ապրիլ: Մենք կ’անմահացնենք մեր սուրբերը:
Այսօր երբ փորձենք Գրիգոր Տաթեւացիին մասին խօսիլ, դժբախտաբար մեր մտքերուն մէջ կը պատկերացուի մէկ գաղափար, որ ան մեր եկեղեցւոյ վերջին սուրբն է, սակայն նախքան այդ ո՞վ էր ան, ի՞նչ էր եւ ի՞նչ գործունէութիւն ունեցած է:
Գրիգոր Տաթեւացի Որոտնեցիի ամէնէն նշանաւորն է: Ան ծնած է Վայոց Ձոր գաւառի համանուն աւանին մէջ, 1346-ին: Քահանայական կարգը ստացած է Երուսաղէմի մէջ, Յովհաննէս Որոտնեցիի հետ ուխտաւորաբար հոն այցելած տարին, 1373-ին: Վարդապետական գաւազանը ստացած է Որոտնեցիէն` Երզնկայի մէջ, իսկ ծայրագոյն վարդապետութիւնը աւելի ուշ` 1387-ին: Գրիգոր Տաթեւացի կը վախճանի 25 դեկտեմբեր 1410-ին, Սուրբ Ստեփանոս Նախասարկաւագի տօնին օրը: Ան վախճանեցաւ իր յառաջացած աշակերտներուն ծայրագոյն վարդապետութեան գաւազան տալէ ութ օրեր ետք: Տաթեւացի նաեւ Հայ եկեղեցւոյ ամէնէն արժանաւոր վարդապետներէն մին եղած է, որ ստացած է Եռամեծ մակդիրը:
Ս. Գրիգոր Տաթեւացի ամէն բանէ առաջ աստուածաբան է: Սուրբին աստուածաբանական գործերն են «Գիրք հարցմանց»-ն ու «Ոսկեփորիկ»-ը: Զոյգ գործերուն մէջ կը հանդիպինք երաժշտական, ծիսական, տեսական ու գեղագիտական շարք մը նիւթերու: Սոյն գործերը ոչ միայն հին դարերու հարցերու պատասխաններ են, այլեւ այսօրուան գիտական նոր աշխարհին մէջ կարելի է զանազան եւ բազմազան հարցերու պատասխաններ գտնել:
Գրիգոր Տաթեւացի նաեւ հռետոր է: Գրիգոր Տաթեւացիի հռետորութիւնը կ’ապացուցուի «Ձմեռան» եւ «Ամառան» գործերով: Զարմանալի, բայց իրական է, որ Տաթեւացի ապրած դարուն կրցած ու յաջողած է սահմանազատել հաւատքն ու գիտութիւնը, աստուածաբանութիւնն ու փիլիսոփայութիւնը: Այս մէկը ցոյց կու տայ, որ ան գիտէր իր գաղափարներն ու կարծիքները հաւասարակշռել` առանց ծայրայեղութեան երթալու:
Գրիգոր Տաթեւացի կը ջատագովուի, զանազան եւ բազմազան գործերէն անդին, իր ունեցած «աստուածաբանական բարձր կարողութեան, ուսուցչական եւ կազմակերպական հզօր ոգիին, ազգային եկեղեցւոյ համար ցոյց տուած իր նախանձախնդիր եռանդին, քարոզչական հոյակապէս արդիւնքները իրաւամբ արժանի կացուցած Հայ Եկեղեցւոյ երախտագիտութեան համար»(1): Գրիգոր Տաթեւացի այսքան բան ունենալէ անդին` կը վկայուի, որ ունէր իր երկարատեւ աղօթական պահը: Ան կ’աղօթէր բոլոր մարդոց համար: Կ’աղօթէր մարդոց հարցի լուծման համար: Կ’աղօթէր անոնց համար, որոնք չեն կրնար աղօթել: Այսպիսով, բոլորին համոզումին մէջ սուրբ անձնաւորութեան մը գաղափարը կազմուած է անոր մասին: Թորգոմ պատրիարք Գուշակեան անոր աղօթական կեանքին մասին կը վկայէ հետեւեալը. «Երբ կարդանք վեղարի օրհնութեան եւ վարդապետական գաւազանի եւ ծայրագոյն իշխանութեան առթիւ գրած իր աղօթքները, որոնք կը յայտնեն արդ,` որ սուրբի մը միայն կրնայ ըլլալ»:
Կրնանք նաեւ երկրորդել այն վկայութիւնը, որ Տաթեւացի երկրորդ Լուսաւորիչ եղաւ: Ան լուսաւորիչ դարձաւ իր գործով: Ան լուսաւորեց իր աշակերտներուն միտքերը, որոնք յաջորդեցին իրենց մեծ եւ սուրբ ուսուցիչին: Այսօր եւս` որպէս Հայ եկեղեցւոյ զաւակներ, որպէս մեր սուրբերու աշակերտներ, մենք եւս Ս. Տաթեւացիի յաջորդներն ենք: Մենք եթէ նոյն գործի կարողութեամբ չենք կրնար մշակութասէր Տաթեւացի դառնալ, բայց մեր աղօթական կեանքով կրնանք աղօթասէր Տաթեւացի դառնալ:
Սիրելի՛ ընթերցող, հարց մը, որուն մասին կ’արժէ մտածել: Ինչպէ՞ս կրնանք մեր սուրբերը արժեւորել: Ինչպէ՞ս կրնանք մեր սուրբերը անմահացնել: Մեր սուրբերը կ’արժեւորուին եւ կ’անմահանան ժողովուրդով: Ժողովուրդը ինք կը սրբացնէ անձը: Ս. Գրիգոր Տաթեւացիի տօնին առիթով փորձենք անմահացնել անոր յիշատակը` աղօթական կեանք ապրելով: Աղօթական կեանքը սիրելով:
Ս. Գրիգոր Տաթեւացիին հետ աղօթենք բոլոր անոնց համար, որոնք այսօր աղօթական կեանքէն պարպուած են: Աղօթենք անոնց համար, որոնք բառ մը աղօթքի կը կարօտին: Աղօթենք անոնց համար, որոնք կեանքի դժուար պայմաններուն դիմաց չունին ուժը Աստուծմէ օգնութիւն խնդրելու: Աղօթենք անոնց համար, որոնք կ’ուզեն, բայց չեն կրնար աղօթել: Աղօթենք իրարու հետ եւ իրարու համար` խնդրելով Ս. Գրիգոր Տաթեւացիի բարեխօսութիւնը իւրաքանչիւր հայորդիի համար:
1.- Թորգոմ պատրիարք Գուշակեան, «Սուրբ եւ տօնք Հայաստանեայց եկեղեցւոյ», էջ 242-243: