ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը որդեգրած է Միացեալ Նահանգներու եւ Թալեպան շարժումին միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն աջակցող բանաձեւ մը, որուն համաձայն, խորհուրդը կ՛ողջունէ զինադադարին եւ միջաֆղանական բանակցութիւններուն ուղղուած զգալի քայլերը, որոնք կարելի դարձան շնորհիւ Միացեալ Նահանգներու, Աֆղանիստանի իսլամական հանրապետութեան միացեալ յայտարարութեան, ինչպէս նաեւ Միացեալ Նահանգներու եւ Թալեպան շարժումին համաձայնութեան:
Բանաձեւը կը նշէ, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը Աֆղանիստանի կառավարութեան եւ Թալեպան շարժումին կոչ կ՛ուղղէ ի նշան բարի կամեցողութեան յաւելեալ քայլեր կատարելու ներաֆղանական բանակցութիւններու եւ ամուր խաղաղութեան արագ սկսման ու հաստատման համար պայմաններ ստեղծելուն ուղղուած վստահութեան ամրապնդման համար:
Կը խօսուի նաեւ բռնութեան մակարդակի նուազեցման եւ բանտարկեալներու ազատ արձակման մասին:
Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար զօր. Քենեթ Մըքքենզի Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան զինեալ ուժերու հարցով յանձնախումբի լսումներուն ժամանակ յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ Աֆղանիստանի մէջ թալեպաններուն աջակցած են ընդդէմ ՏԱՀԵՇ-ի:
«Վերջին քանի մը ամիսներուն Աֆղանիստանի արեւելեան հատուածին մէջ մենք ականատես դարձանք, թէ ինչպէ՛ս Թալեպան շարժումը նախ կրճատեց, ապա վերցուց Նանկարխար հարաւային նահանգին մէջ ՏԱՀԵՇ-ի ներկայութիւնը, եւ անոնք ատիկա շատ արդիւնաւէտ կը կատարէին: Ասիկա աշխարհի ամէնէն բարդ շրջաններէն մէկն է: Անոնք շատ բարձր գին վճարած են իրենց զինեալներու կեանքին համար», ըսած է ան:
Քոնկրեսականները Մըքքենզիէն խնդրած են յստակացնել, թէ Թալեպան շարժումը այդ ամէնը առանձի՞ն կատարած է, թէ՞ Ուաշինկթըն աջակցած է: «Մեր կողմէ շատ սահմանափակ աջակցութիւն եղած է: Ես ատիկա պիտի բնորոշէի իբրեւ շատ սահմանափակ աջակցութիւն», խոստովանած է ան:
«Այնպէս որ, իրենք ցուցադրած են իրենց կարելիութիւնները: Ատիկա արիւնալի ջարդ էր, սակայն յաջողեցան», աւելցուցած է զօրավարը: