Ինչպէս ծանօթ է, հինգշաբթի, 5 մարտ 2020-ին, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան հրապարակեց յատուկ հրամանագիր մը, ըստ որուն, մինչեւ մարտ ամսուան աւարտը կը դադրին ամէն տեսակի մարզական, երիտասարդական եւ սկաուտական գործունէութիւնները անխտիր` աշխարհի եւ Լիբանանի մէջ տարածուած «Քորոնա» ժահրին պատճառով:
Նախարարը երէկ անգամ մը եւս եկաւ յիշեցնելու մարզական ֆետերասիոններուն, միութիւններուն, մարզական ակումբներուն, երիտասարդական եւ սկաուտական բոլոր տեսակի կազմակերպութիւններուն, նախարարութեան տուած այս որոշումը լաւապէս եւ ճշգրիտ ձեւով գործադրելու կարեւորութիւնը:
Վերոնշեալ կառոյցներուն մէջ նկատի կ՛առնուին նաեւ անձնական ակադեմիաները, մարզանքի յատուկ կեդրոնները կամ ալ համախմբումի այնպիսի տեղեր, ուր ներկայ կ՛ըլլան մեծ թիւով անձեր:
Բոլոր անոնք, որոնք չեն գործադրեր այս որոշումը, պիտի նկատուին օրինազանցներ եւ այդ օրինազանցութեան օրինական եւ բարոյական պատասխանատուութիւնը իրենք է, որ պիտի ստանձնեն: