Սպանական «Մարքա» հանրածանօթ մարզական օրաթերթը հաղորդեց, որ «Լա լիկա»-ի մրցումները եւս տեղի պիտի ունենան առանց հանդիսատեսներու` նկատի ունենալով, որ այս շաբաթասկիզբէն սկսեալ Սպանիոյ մէջ եւս «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը զգալի աճ արձանագրած է (ցարդ` 1200):
«Լա լիկա»-ի ղեկավարութիւնը, նախքան իր այս որոշումը տալը, խորհրդակցութիւններ ունեցած էր երկրին առողջապահութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներուն հետ: