Ռէալ Մատրիտի պելճիքացի բերդապահ Թիպօ Քուրթուա եւ պրազիլցի յետսապահ Մարսելօ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով քանի մը շաբաթով պիտի չկարենան օգտակար դառնալ իրենց ակումբին եւ պիտի բացակային ֆութպոլի դաշտերէն:
Երկու ֆութպոլիստներն ալ վիրաւորուեցան նախորդ շաբաթավերջին` Ռէալ Պեթիսի դէմ կատարուած «Լա լիկա»-ի մրցումին ընթացքին (27-րդ հանգրուան):
Անոնք պիտի բացակային 13 մարտին Էյպարի (28-րդ հանգրուան), ինչպէս նաեւ Մանչեսթըր Սիթիի դէմ (17 մարտ) կատարուելիք «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումէն:
Երթին Ռէալ Մատրիտ Անգլիոյ մէջ կրեց 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը Սիթիէն: