Աֆղանիստանի մայրաքաղաք Քապուլի մէջ պայթումներ տեղի ունեցան, մինչ երկրին երկու նախագահական թեկնածուները, որոնք կը պնդեն անցեալ տարուան նախագահական ընտրութեան մէջ յաղթանակ արձանագրած ըլլալ, նախագահի անջատ երդման արարողութիւններ ունեցան:
Գործող նախագահ Աշրաֆ Ղանի իր երդման արարողութիւնը կատարեց նախագահական պալատին մէջ` ներկայութեամբ օտարերկրեայ դեսպաններուն, ներառեալ` Միացեալ Նահանգներու Աֆղանիստանի հարցով յատուկ պատուիրակ Զալմայ Խալիլզատը:
Նոյն պահուն անոր մրցակիցը` Ապտուլլա Ապտուլլան նախագահական պալատէն քիչ հեռու գտնուող Սափետար պալատին մէջ կը կատարէր իր սեփական երդման արարողութիւնը, հակառակ անոր որ մինչեւ ուշ գիշեր բանակցութիւններ տեղի ունեցած էին` փորձելով երկու մրցակիցներուն միջեւ փոխզիջումնային լուծում մը գտնել:
Երկրին պատկերասփիւռի կայանները երդման երկու արարողութիւնները կողք-կողքի սփռեցին:
Ղանի երդման արարողութենէն ետք յայտնեց, որ ինք «վաղը հրաման պիտի ստորագրէ բանտարկուած թալեպաններու ազատ արձակման մասին»: Ան յոյս յայտնեց, որ Աֆղանիստանի բանտերէն թալեպաններու ազատ արձակման դիմաց թալեպաններու կողմէ բռնութեան մակարդակի զգալի նուազում կ՛արձանագրուի:
Ան նաեւ նշեց, որ երկրի կառավարութեան պատուիրակութիւնը, որ բանակցութիւններու պիտի սկսի Թալեպան շարժումի ներկայացուցիչներուն հետ, «վերջնականապէս պիտի ձեւաւորուի մինչեւ երեքշաբթի օր»` 10 մարտին:
Մարտի սկիզբը Աֆղանիստանի նախագահի բանբեր Սետիք Սետիքի յայտարարած էր, որ կառավարութիւնը «Թալեպան շարժումի 5 հազար կողմնակիցներու ազատ արձակման ոչ մէկ պարտաւորութիւն ստանձնած է մինչեւ հաւանական (միջաֆղանական) բանակցութիւններ սկսիլը:
Միւս կողմէ, նախագահական պալատէն բանբեր մը յայտնեց, որ երէկ տեղի ունեցած են պայթումներ, որոնց ընթացքին ոչ ոք վնասուած է:
ՏԱՀԵՇ ստանձնեց նախագահական երդման արարողութիւնը թիրախ դարձուցած հրթիռային յարձակումը: