Tuesday May 21, 2013

ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԽԻՍՏ ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ ԿԸ ՆԿԱՏԷ ՔԱՂԱՔԱՑԻԱԿԱՆ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆՈՒՄԸ

By adminx - Mon Jan 09, 8:11 am

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին իր արտասանած քարոզին մէջ ընդգծեց, որ Լիբանան խիստ կարիքը ունի քաղաքացիական եւ ժողովրդավարական պետութեան հիմնումին, որպէսզի կարելի ըլլայ պետութիւնն ու կրօնը իրարմէ անջատել:

Ռայի պատրիարքը նկատել տուաւ, որ անկարելի է, որ երկրին իշխանութիւնը բաժնուած ըլլայ քաղաքական երկու բեւեռներու միջեւ` աւելցնելով, որ քաղաքական այդ սուր երկփեղկումին կողքին երկրին տնտեսական կացութիւնը հետզհետէ կը վատթարանայ, իսկ լիբանանեան պետութեան նիւթական պարտքը կ՛ուռճանայ:

Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց լիբանանեան իշխանութեան պետերուն եւ պատասխանատուներուն` ստանձնելու իրենց ազգային եւ պատմական  պատասխանատուութիւնը, երկիրը փրկելու համար իր դիմագրաւած քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային տագնապներէն:

Leave a Reply

Comments are closed on this post.

Advertisement