Ինչպէս ծանօթ է, մարտ ամսուան ընթացքին Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի բոլոր մրցումները տեղի պիտի ունենան առանց համակիրներու, «Քորոնա» ժահրին պատճառով:
Իտալական մարզական մամուլը նախորդ շաբաթավերջին յայտնեց, այս ամսուան ընթացքին մրցումներուն դռնփակ տեղի ունենալուն պատճառով խումբերուն վնասը կը գնահատուի 28 միլիոն եւրոյով:
Ամէնէն մեծ վնասը պիտի կրէ ախոյեան Եուվենթուս (12,3 միլիոն եւրօ): Ա. Սէ. Միլանի վնասը կը գնահատուի 3,4 միլիոն եւրոյով, իսկ Ինթեր Միլանինը` 2,7 միլիոն եւրոյով: