Իրանի մէջ մէկ օրուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրէն 50 մարդ մահացած է: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով երկրի առողջապահութեան նախարարութեան բանբերին: Ասիկա 19 փետրուարէն ի վեր արձանագրուած առաւելագոյն թիւն է:
Մինչեւ օրս նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրին պատճառով Իրանի մէջ 194 մարդ մահացած է: Պաշտօնատարը իրանեան պատկերասփիւռի կայանէն յայտնած է, որ վերջին երկու օրուան ընթացքին երկրին մէջ ժահրով վարակման դէպքերու «յարաբերական նուազում» կը նկատուի:
6 մարտին Իրանի մէջ հիւանդութեան 1234 մրցանշային դէպք արձանագրուած է, սակայն վերջին մէկ օրուան մէջ «Քորոնա»-ով վարակման 743 դէպք արձանագրուած է: Վարակուածներու ընդհանուր թիւը 6566 է, 2134 անձեր բուժուած են:
Ամէնէն շատ վարակման դէպքեր արձանագրուած են մայրաքաղաք Թեհրանի մէջ (1705), Քոմի մէջ (685), Մազանտարանի մէջ (620), Կիլիանում (496), Սպահանի մէջ (564):
Սէուտական Արաբիոյ ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց Քաթիֆ նահանգ ելքի եւ մուտքի ժամանակաւոր դադրեցումը, երբ շրջանին մէջ «Քորոնա»-ով վարակուած 11 պարագաներ յայտնաբերուեցան:
Բրիտանիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 273-ի, Գերմանիոյ մէջ` 847-ի, Քուէյթի մէջ` 64-ի, իսկ Ալճերիոյ մէջ` 20-ի, Միացեալ Նահանգներու Նիւ Եորք նահանգին մէջ` 105-ի, Պահրէյնի մէջ` 85-ի, Չինաստանի մէջ առողջապահական մեկուսարանի վերածուած շէնքի մը փուլ գալուն պատճառով արձանագրուեցան 10 զոհեր:
Իրաքի մէջ «Քորոնա» ժահրի զոհերուն թիւը բարձրացաւ 6-ի: