Գործակցութեամբ առողջապահութեան նախարարութեան, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան լիբանանեան մարզական ֆետերասիոններուն, միութիւններուն, մարզական ակումբներուն, երիտասարդական եւ սկաուտական բոլոր տեսակի կազմակերպութիւններուն յղեց յատուկ հրամանագիր մը, ըստ որուն, Լիբանանի մէջ մինչեւ մարտ ամսուան աւարտը կը դադրին ամէն տեսակի մարզական իրադարձութիւնները անխտիր` աշխարհի եւ Լիբանանի մէջ տարածուած «Քորոնա» ժահրին պատճառով:
Նախարարութիւնը բոլորին կողմէ այս որոշումին գործադրութիւնը կը նկատէ շատ կարեւոր եւ պարտադիր` նկատի ունենալով, որ այս ձեւով մարզիկներ, մարզիչներ, համակիրներ եւ բոլորը անխտիր, հեռու մնան տարածուող այս ժահրին վտանգէն:
Ինչ կը վերաբերի Լիբանանէն դուրս տեղի ունենալիք ախոյեանութիւններուն, մրցաշարքերուն եւ կամ այլ տեսակի մարզական իրադարձութիւններուն լիբանանցի մարզիկներուն մասնակցութեան, ապա այս գծով նախարարութիւնը պէտք է տեղեակ ըլլայ նախօրօք, որպէսզի պէտք եղած բոլոր պատրաստութիւնները նկատի առնուին` հսկելու համար լիբանանցի մարզիկներուն առողջութեան: