Ինթեր Միլանի ղեկավարութիւնը նիւթական աջակցութիւն տրամադրեց Միլանոյի հիւանդանոցներէն մէկուն, որ աշխատանք կը տանի «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստանիւթ ստեղծելու համար:
Ինթեր 100 հազար եւրօ յատկացուց Միլանոյի «Լուիճի Սաքքօ» հիւանդանոցին: Ան անհրաժեշտութեան պարագային պատրաստ է յաւելեալ գումար տրամադրելու նոյն նպատակին:
Ինթեր Միլանի նախագահ Սթիւըն Զհանկ (չինացի առեւտրական) յայտնեց, որ մենք պարտք կը նկատենք նիւթական օժանդակութիւն յատկացնել` այդ ժահրին տարածումը արգիլելու համար: