«Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ գոյացած զինադադարի համաձայնութիւնը լաւ բան մըն է եւ Իտլիպին յաւելեալ եւրոպական մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու նախապայման մը», յայտնեց Եւրոպական Միութիւնը:
«7օր» կայքը, յղում կատարելով Ռուբէն Ստեփանեանի դիմատետրեան էջին, հաղորդեց, որ Մոսկուայի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը տեղի ունեցած է սենեակի մը մէջ, ուր կը գտնուէր պրոնզէ արձանը Կատարինէ Բ. թագուհիին, որ 1768-1774 թուականի ռուս-թրքական պատերազմին ջախջախած էր Օսմանեան կայսրութիւնը:
Կը նշուի նաեւ, որ Էրտողանի եւ Փութինի միջեւ կը գտնուէր «Ռուս զինուորի սխրանքը Պուլկարիոյ մէջ» (1877-1878 թուականին) պրոնզէ քանդակը: