Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Ռոնալտինիօ երէկ ձերբակալուեցաւ Փարակուէյի մէջ` կեղծ անձնագիր ունենալուն պատճառով: Անոր հետ էր նաեւ անոր եղբայրը` Ռոպերթօ:
39 տարեկան Ռոնալտինիօ, որ նախապէս մաս կազմած է Պարսելոնայի, Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Ա. Սէ. Միլանի, ձերբակալուեցաւ ոստիկանութեան կողմէ, երբ ի յայտ եկաւ, որ ան երկրին մէջ կը գտնուի իբրեւ զբօսաշրջիկ, յայտնեց Փարակուէյի ներքին գործոց նախարարութիւնը:
Ան ամբաստանուեցաւ նաեւ իր երկրին` Պրազիլի իշխանութիւններուն 2,2 միլիոն ամերիկեան տոլար տուգանք չվճարելու յանցանքով: