Ճափոնի վարչապետ Սինձօ Ապէ համաձայնութիւն գոյացուց ընդդիմադիր կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ գործող օրէնսդրութեան մէջ խորհրդարանին մէջ կատարելու բարեփոխումներ, որոնք կ՛արտօնեն անհրաժեշտութեան պարագային երկրին մէջ համազգային կամ տեղական մակարդակով հաստատել արտակարգ դրութիւն` նոր «Քորոնա» ժահրին պատճառով: Կը նախատեսուի, որ փաստաթուղթը խորհրդարանի ստորին պալատին կողմէ որդեգրուի 12 մարտին եւ գործադրուելու սկսի արդէն յաջորդ շաբաթ:
Օրինագիծը, մասնաւորաբար, իշխանութիւններուն իրաւունք կու տայ առանձին շրջաններու բնակչութեան արգիլել որոշակի ժամանակ դուրս գալ բնակարաններէն: Կառավարութեան հետ համաձայնութեամբ նահանգապետները նաեւ պիտի կարենան հարկադրաբար փակել ուսումնական եւ այլ հաստատութիւններ:
Ճափոնի մէջ արձանագրուած է «Քորոնա» ժահրով վարակման 1030 դէպք եւ մահացած է 12 մարդ:
Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կաւին Նիուսըմ «Քորոնա»-ի պատճառով նահանգին մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարեց: «Այս որոշումը որդեգրուած է ո՛չ միայն մէկ մարդու ողբերգական մահուան, այլ նաեւ այլ հանգամանքներու պատճառով», ըսաւ ան:
«Քորոնա» ժահրին պատճառով մահուան առաջին դէպքը արձանագրուած էր Քալիֆորնիոյ Փլէյսըր շրջանին մէջ:
Չինաստանի արտաքին գործոց նախարար Մա Ժաոսիու յայտնեց, որ Չինաստանի իշխանութիւնները պատրաստ են աշխուժ օգնութիւն ցուցաբերելու «Քորոնա» ժահրին պատճառով վնասուած երկիրներուն: «Մենք պատրաստ ենք տրամադրելու որեւէ կարելի օգնութիւն այն երկիրներուն, ուր թոքերու բորբոքման տարածման պատճառով բարդ կացութիւն ստեղծուած է», յայտնեց ան:
Անոր համաձայն, Չինաստանի կառավարութիւնը պիտի աւելցնէ այլ պետութիւններու հետ համագործակցութիւնը բժշկութեան եւ դեղագործութեան ոլորտին մէջ, ներառեալ` «Քորոնա» ժահրին դէմ արդիւնաւէտ պատուաստանիւթի ստեղծումը: Ան ընդգծեց, որ Փեքին պիտի շարունակէ այս խնդիրին ուշադրութիւն դարձնել` ապահովելով հիւանդութեան դէմ պայքարի ընթացքին լիակատար թափանցիկութիւն:
Մինչ այդ, Հոնկ Քոնկի համալսարանի համաճարակաբանութեան ամպիոնի վարիչ Պեն Քոուլինկ զգուշացուց, որ Չինաստանի մէջ մահացու «Քորոնա» ժահրի համաճարակի երկրորդ ալիք կրնայ սկսիլ: Ան նշեց, որ Չինաստանի մէջ ժահրի դէմ պայքարին մէջ դրական տեղաշարժ կը նկատուի, վարակման նոր դէպքերու թիւը կը նուազի, եւ աստիճանաբար կը վերականգնուի նախկին գործունէութիւնն ու աշխուժութիւնը: Գիտնականին կարծիքով` ճիշդ այդ ալ կրնայ երկրին մէջ համաճարակի նոր ալիքի յանգեցնել:
Քոուլինկի կարծիքով` հիմնական վտանգը տակաւին չէ նահանջած, որովհետեւ ապացոյց չկայ, թէ «Քորոնա» ժահրին բնութագիրները փոխուած են ատոր փոխանցման եղանակի կամ լրջութեան տեսանկիւնէն:
Չինաստանի մէջ մահացածներուն թիւը բարձրացաւ 3012-ի, իսկ վարակուածներունը` 80.409-ի: Հարաւային Քորէայի մէջ մահացողներուն թիւը բարձրացաւ 35-ի, իսկ վարակուածներունը` 5766-ի: Իրանի մէջ մահացածներուն թիւը բարձրացաւ 107-ի, իսկ վարակուածներունը` 3513-ի: Միացեալ Նահանգներու մէջ զոհերուն թիւը բարձրացաւ 11-ի, իսկ վարակուածներունը 162-ի: Ֆրանսայի մէջ մահացածներուն թիւը բարձրացաւ 6-ի, իսկ Հոլանտայի մէջ` 82-ի:
Իսրայէլի մէջ տնային պայմաններու մէջ առողջապահական մեկուսացումի մէջ դրուած աշակերտներուն ու ուսուցիչներուն թիւը բարձրացաւ 2349-ի, իսկ վարակուածներուն թիւը` 16-ի: Իրլանտայի մէջ «Քորոնա»-ով վարակման 4 պարագայ արձանագրուեցաւ, իսկ Հարաւային Ափրիկէի, Պոսնիոյ եւ Սլովենիոյ մէջ արձանագրուեցան վարակման առաջին դէպքերը: Զուիցերիոյ մէջ արձանագրուեցաւ «Քորոնա»-ի պատճառով մահուան առաջին դէպքը: Գերմանիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 349-ի, Յունաստանի մէջ` 21-ի, իսկ Ազրպէյճանի մէջ 6-ի:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու առողջապահութեան նախարարութիւնը իր քաղաքացիներուն ու երկրին մէջ բնակողներուն կոչ ուղղեց` ճամբորդութենէ խուսափելու:
ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն երէկ յայտարարեց, որ աշխարհի տարածքին 290 միլիոն աշակերտներու ուսումը դադրած է «Քորոնա» ժահրին պատճառով: