Ինչպէս ծանօթ է, 12 յունիսէն 12 յուլիս եւրոպական 12 քաղաքներու մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի մրցաշարքը:
«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն այս մրցաշարքի կայացման պատճառով պիտի ստանայ 3 միլիառ եւրոյի եկամուտ, յայտնեց կազմակերպութեան ընդհանուր հաշուապահ Տէյվիտ Ժիլ:
Այս մրցաշարքին բոլոր մրցումները ուղղակիօրէն պատկերասփռելու իրաւունքը ձեռք ձգած են 180 երկիրներ: