Իտալիոյ կառավարութիւնը «Քորոնա» ժահրին տարածումը կանխարգիլելու համար շատ հաւանաբար երկրին մէջ բոլոր տեսակի մարզաձեւերը մէկ ամիսով յետաձգէ, կը յայտնէ իտալական մամուլը:
Նշուեցաւ, որ կարգ մը մարզաձեւերու մէջ մարդոց միջեւ հեռաւորութիւնը մէկ մեթրէն աւելի նուազ կ՛ըլլայ, ինչ որ պատճառ կրնայ դառնալ այդ ժահրին աւելի արագ փոխանցումին:
Ըստ իտալական մամուլին, մինչեւ երէկ Իտալիոյ մէջ արձանագրուած է հիւանդութեան 2263 պարագայ, մինչ մահացողներուն թիւը ցարդ 27 է: