Իտալական հանրածանօթ մարզաթերթերէն «Ֆութպոլ Իտալիա» յայտնեց, որ այնպէս կը թուի, թէ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Ալեքսանտր Զեֆերին պիտի յետաձգէ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն կայացումը:
«Եթէ հիւրընկալ երկիրներուն առողջապահական կառոյցները մեզի տեղեկացնեն, որ «Քորոնա» ժահրին տարածումը վտանգ կը սպառնայ իրենց, մենք պիտի յետաձգենք մրցումները», ըսած է Զեֆերին:
Երէկ Սպանիոյ կառավարութիւնը յայտնեց «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին, որ կ՛ուզէ Պարսելոնա – Նափոլի մրցումը (18 մարտ) կատարել առանց համակիրներու` նկատի առնելով, որ Իտալիայէն ժամանող անոր համակիրները իրենց հետ կրնան «Քորոնա» ժահրը բերել:
Երկու կազմերուն միջեւ երթի մրցումը (Իտալիոյ մէջ) վերջ գտաւ 1-1 հաւասարութեամբ: