Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Ճոզեֆ Պայտըն դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահական թեկնածուի ճշդման նախնական ընտրութեան մէջ «Հոյակապ երեքշաբթի»-ի ընթացքին 14 նահանգներէն 9-ին մէջ յաղթանակ արձանագրեց:
Ան նախատեսութիւնները շրջելով Թեքսասի մէջ գերազանցեց իր գլխաւոր մրցակից Պըռնի Սանտըրզը, որ կը նախատեսուի, որ յաղթանակ արձանագրէ գիշերուան «մեծագոյն մրցանակ»¬ը եղող Քալիֆորնիոյ եւ երեք այլ նահանգներու մէջ:
Այսպիսով, Պայտըն Դեմոկրատական կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին համար 402 պատգամաւորներ ապահովեց, իսկ Սանտըրզ` 314: Սակայն այս դասաւորումը կրնայ շրջուիլ հրապարակումովը 402 պատգամաւորներ ունեցող Քալիֆորնիոյ արդիւնքին:
Նիւ Եորքի նախկին քաղաքապետ Մայքըլ Պլումպըրկ յայտարարեց, որ դուրս կու գայ նախագահական ընտրապայքարէն եւ կը զօրակցի Պայտընի: