Այսօր` չորեքշաբթի, 4 մարտին, Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնը «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ (Քասլիք) պիտի տայ իր մամլոյ ասուլիսը, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնայ 6-7 մարտին Թայլանտի դէմ տեղի ունենալիք թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի մրցաշարքին:
Այս մրցաշարքը տեղի կ՛ունենայ Ասիա-Ովկիանիա ցամաքամասի մրցումներուն ծիրին մէջ:
Կէսօրուան ժամը 12:00-ին տեղի ունենալիք այս մամլոյ ասուլիսը կը նկատուի շատ կարեւոր` մրցաշարքին վերաբերեալ տեղեկութիւններ ներկայացնելու առումով: Այս մրցաշարքը կը նկատուի բաւական կարեւոր Լիբանանի համար` նկատի ունենալով, որ մնալու համար Ա. դասակարգին մէջ, Լիբանան ամէն գնով պէտք է յաղթէ իր մրցակիցին: