«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն պաշտօնապէս յայտարարեց յառաջիկայ երկու տարեշրջաններուն տեղի ունենալիք գերաբաժակի մրցաշարքի կայացման վայրերը:
2022-ին անիկա տեղի պիտի ունենայ Հելսինքիի ողիմպիականի մարզադաշտին վրայ, իսկ 2023-ին` ռուսական Քազան քաղաքի «Քազան-Արենա» մարզադաշտին վրայ:
2021-ին անոր կայացման վայրը արդէն իսկ ճշդուած էր: Անիկա տեղի պիտի ունենայ Հիւսիսային Իրլանտայի Պելֆասթ քաղաքի «Ուինտսոր փարք» մարզադաշտին վրայ: