Իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար, երկիրի բարձրագոյն ղեկավարի խորհրդատուական մարմինի անդամ Մոհամմետ Միրմոհամմետին մահացած է «Քորոնա» ժահրէն: Այս մասին կը հաղորդէ ԻՍՆԱ լրատու գործակալութիւնը:
72 տարեկան Միրմոհամմետիի մօտ «Քորոնա» ժահր ախտորոշուած էր մէկ շաբաթ առաջ: Ան հիւանդանոցի մէջ կը դարմանուէր, սակայն անոր կեանքը կարելի չէ եղած փրկել:
Նախապէս իրանցի պաշտօնատարներէն «Քորոնա» ժահր յայտնաբերուած էր նաեւ Իրանի փոխնախագահին, առողջապահութեան նախարարին, խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբի նախագահին եւ հինգ երեսփոխաններու մօտ: Լրատուամիջոցներու համաձայն, երեսփոխաններէն մէկը մահացած է: Մահացած էր նաեւ Վատիկանի մէջ Իրանի նախկին դեսպանը:
Վերջին տուեալներով` Իրանի մէջ «Քորոնա» ժահրին զոհերուն թիւը 54 է, իսկ վարակուածներունը` 978: