Երէկ առաւօտեան Իսրայէլի մէջ սկսան մէկ տարուան ընթացքին երրորդ խորհրդարանական ընտրութիւնները, որովհետեւ քաղաքական կողմերը անգամ մը եւս ձախողեցան համախմբական կառավարութիւն մը կազմել:
Փոքր ընտրացանկերուն ընտրապայքարէն դուրս գալուն պատճառով ընտրութիւններուն կը մասնակցին 29 ընտրացանկեր, ինչ որ իսրայէլեան խորհրդարանական ընտրութիւններու պատմութեան մէջ ամէնէն ցած թիւն է:
Իսրայէլի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած ըլլալնուն համար քարանթինի մէջ գտնուող 5630 իսրայէլացիներ պիտի քուէարկեն յատուկ քուէատուփերու մէջ:
Արաբական կուսակցութիւններուն կազմած Միացեալ ընտրացանկի նախագահ Այման Աուտէ յայտնեց. «Այսօրուան իսրայէլեան ընտրութիւնները ճակատագրական են» եւ կոչ ուղղեց` գործող վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուն տապալելու համար մեծ թիւով մասնակցելու ընտրութիւններուն:
Մասնակցութեան համեմատութիւնը 65,6 առ հարիւր էր, ինչ որ 1999¬էն ի վեր բարձրագոյնն էր:
Ըստ ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներուն, Նեթանիահուի ղեկավարած Լիքուտ կուսակցութիւնը պիտի ապահովէ Քնեսեթի 120 աթոռներէն 35-36¬ը, Պենի Կանցի Սպիտակ Կապոյտ կուսակցութիւնը` 32¬33¬ը, Աւիկտոր Լիպըրմանի «Իսրայէլը մեր տունն է» կուսակցութիւնը` 6¬8¬ը, ձախակողմեան Աշխատաւորական կուսակցութիւն¬Կեշեր¬Մերեց դաշինքը` 6¬7¬ը: Արաբական Միացեալ ցանկը յաւելեալ աթոռներ ապահովեց եւ պիտի դառնայ իսրայէլեան խորհրդարանի երրորդ մեծագոյն կուսակցութիւնը` ապահովելով 14¬15 աթոռներ:
Այսպիսով` Նեթանիահուի ճամբարը Քնեսեթի մէջ կ՛ապահովէ 60 աթոռներ, ինչ որ բացարձակ մեծամասնութենէն մէկ աթոռով նուազ է, իսկ Սպիտակ¬Կապոյտ ճամբարը կ՛ապահովէ 54 աթոռներ:
Ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներու հրապարակումէն ետք, Նեթանիահու «Թուիթըր»¬ի վրայ եբրայերէնով գրեց. «Շնորհակալութիւն»:
Լիքուտ կուսակցութիւնը հաղորդեց, որ Նեթանիահու զրուցած է բոլոր աջակողմեան կուսակցութիւններու ղեկավարներուն հետ եւ համաձայնած կարելի եղածին չափ շուտ «Իսրայէլի համար ուժեղ ազգային կառավարութիւն» մը կազմել: