Հիւսիսային Քորէան փոքր հասողութեամբ երկու հրթիռ արձակած է Վոնսանի նաւահանգիստի շրջանէն. թռիչքին հեռաւորութիւնը կազմած է մօտաւորապէս 240 քիլոմեթր, բարձրութիւնը` շուրջ 35 քիլոմեթր: ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է «Ռիոնհափ» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Հարաւային Քորէայի սպայակոյտերու պետերու միացեալ յանձնախումբին:
«2 մարտի ցերեկը` ժամը 12:37-ին, Վոնսանէն ոչ հեռու շրջանէն Հիւսիսային Քորէան փոքր հասողութեամբ երկու հրթիռ արձակած է Ճափոնական ծովուն ուղղութեամբ: Այս անգամ հրթիռներու թռիչքի առաւելագոյն հեռաւորութիւնը կազմած է մօտաւորապէս 240 քիլոմեթր, բարձրութիւնը` մօտաւորապէս 35: Միացեալ Նահանգներու եւ Հարաւային Քորէայի հետախուզական մարմինները լրացուցիչ տուեալներու մանրակրկիտ ուսումնասիրութիւն կը կատարեն», ըսուած է զինուորականներու հաղորդագրութեան մէջ:
Հիւսիսային Քորէան վերջին անգամ Ճափոնական ծովուն ուղղութեամբ փոքր հասողութեամբ հրթիռներ արձակած էր 28 նոյեմբեր 2019-ին: