Միացեալ Նահանգներ եւ աֆղանական Թալեպան շարժումը շաբաթ օրը Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ ստորագրեցին «Աֆղանիստանի մէջ խաղաղութիւն» համաձայնագիրը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Տոհայի մէջ յայտնեց, որ իր երկիրը մօտէն պիտի հետեւի Թալեպան շարժումին կողմէ ստորագրուած համաձայնութեան յանձնառութեան:
Ըստ ստորագրուած համաձայնութեան, երկու կողմերը աֆղանական բանակցութիւններէն առաջ պիտի փոխանակեն հազարաւոր գերիներ, իսկ միջաֆղանական խաղաղութեան բանակցութիւնները պիտի սկսին 10 մարտին: Ազատ պիտի արձակուին հինգ հազար թալեպաններ եւ աֆղանական կառավարական ուժերէն հազար գերիներ:
Միացեալ Նահանգներ եւ աֆղանական կառավարութիւնը շաբաթ օր, Ուաշինկթընի Թալեպան շարժումին հետ համաձայնութեան ստորագրումէն առաջ, միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեցին:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ողջունեց կնքումը Թալեպան շարժումին հետ պատմական համաձայնութեան, որ, Ուաշինկթըն կը յուսայ, թէ վերջ պիտի տայ իր ամէնէն երկարատեւ պատերազմին` նշելով, որ մօտ օրէն անձնապէս հանդիպում պիտի ունենայ Թալեպան շարժումի ղեկավարներուն հետ:
Ան համոզում յայտնեց, որ Թալեպան շարժումը «կ՛ուզէ բան մը ընել փաստելու համար, որ տեղի ունեցածը ժամանակի կորուստ չէ»:
Սպիտակ տան ղեկավարը նաեւ զգուշացուց. «Եթէ հարցերը լաւ չընթանան, ետդարձ պիտի կատարենք»:
Աֆղանիստանի նախագահ Աշրաֆ Ղանի երէկ յայտնեց, որ աֆղանական կառավարութիւնը, ըստ Միացեալ Նահանգներ¬Թալեպան շարժում համաձայնութեան մէջ նշուածին, հինգ հազար բանտարկեալ թալեպաններ ազատ արձակել չէ խոստացած:
«Թալեպաններուն կողմէ իրենց բանտարկեալներու ազատ արձակման պահանջը չի կրնար ծայրայեղական խմբաւորման հետ բանակցութեան նախապայման ըլլալ», ըսաւ Ղանի:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտնեց, որ Աֆղանիստանի մէջ մնայուն խաղաղութիւնը կը հաստատուի միջաֆղանական երկխօսութեան ճամբով` նշելով, թէ այդ երկխօսութեան պէտք է մասնակցին աֆղանական բոլոր հոսանքները եւ անոնց մէջ նկատի պէտք է առնուին դրացի երկիրներուն տեսակէտները:
Թեհրան պատրաստակամութիւն յայտնեց Աֆղանիստանի մէջ խաղաղութեան ամրապնդման օժանդակելու` յարգելով երկրին գերիշխանութիւնն ու շրջանային անվտանգութիւնը` շեշտելով, որ օտար ուժերու Աֆղանիստանի մէջ ներկայութիւնը ապօրինի է եւ պատերազմին ու երկրի անվտանգութեան քայքայման գլխաւոր պատճառներէն մէկը: