Վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ կէսօրէ առաջ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան – ֆրանսական յարաբերութիւններն ու երկկողմանի գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները:
Հանդիպումին ընթացքին Ֆուշէ հաստատեց Ֆրանսայի զօրակցութիւնը Լիբանանին եւ մնայուն կերպով անոր նեցուկ կանգնելու յանձնառութիւնը:
Անոնք հաստատեցին կառավարութեան կողմէ բարեկարգումները գործադրելու, ինչպէս նաեւ փրկութեան պարտականութիւնը գործնականացնելու կարեւորութիւնը:
Ֆուշէ անդրադարձաւ նաեւ «Սետր»-ի խորհրդաժողովի որոշումները գործնականացնելու Ֆրանսայի դերակատարութեան: