Կազմակերպութեամբ «Սփորթց-Մանիա» ընկերութեան եւ հսկողութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, Շիահի մարզադաշտին վրայ երեք օրերու տեւողութեամբ իրականացաւ եւ մեծ յաջողութեամբ պսակուեցաւ աղջկանց «Օփըն Քափ» պասքեթպոլի քառանդամ մրցաշարքը:
Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին Թաչ, Անմաա Տամուր, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու օդանաւային ընկերութիւն եւ Քլաչ:
Աւարտականի մրցումին, որուն ներկայ գտնուեցան մեծ թիւով հանդիսատեսներ, Էմիրութիւններու օդանաւային ընկերութիւնը երկարաձգումէն ետք յաղթեց Թաչի` 80-72 արդիւնքով:
Աւարտին տեղի ունեցած մրցանակաբաշխութեան մարզիկներուն տրուեցան նաեւ տարբեր տեսակի մրցանակներ:
Առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցած այս մրցաշարքին լաւագոյն մարզիկը նկատուեցաւ Նաթալի Սվաճեան (Էմիրութիւններու օդանաւային ընկերութիւն), լաւագոյն կոլ-սքորըրը` Ալիք Թապաքեան (Թաչ): Ընտրուեցան նաեւ լաւագոյն խումբ, մարզիչ, թրի-փոյնթ, էսիսթ, սթիլ, պլոք-շաթ եւ այլն: