Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, ըստ երեւոյթին, պիտի օժտուի նոր մարզիկով մը (բերդապահ Դաւիթ Եուրչենքոյէն ետք): Արդարեւ, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոն – Խորէն Բայրամեան շարունակուող բանակցութիւնները կ՛ընթանան դէպի լաւ:
Նախապէս ֆետերասիոնը փորձած էր հաւաքական հրաւիրել ռուսական Ռոսթովի միջնապահը, սակայն Բայրամեան մերժած էր այս առաջարկը` նկատի ունենալով, որ, եթէ հաւաքականին միանար (հայկական քաղաքացիութիւն ստանալով), Ռուսիոյ մէջ նկատի պիտի առնուէր իբրեւ օտար մարզիկ եւ բնականաբար իր խումբին կամ այլ կազմի հետ կրնար սեպուիլ պահեստի մարզիկ:
Սակայն Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը վերջերս յայտարարութեամբ մը տեղեկացուց, որ հայ ֆութպոլիստները որպէս օտարական նկատի պիտի չառնուին Ռուսիոյ ախոյեանութեան ընթացքին: