Մոսկուայի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցող «Այրոֆլոթ-օփըն»-2020-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքին, 8-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի հանդիպումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչները` Մանուէլ Պետրոսեան, Շանթ Սարգիսեան, Գաբրիէլ Սարգսեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան, իրենց ճակատումները աւարտեցին հաւասարութեամբ:
Այժմ Ա. մրցաշարքին գծով Պետրոսեան, որ ապահոված է 5,5 կէտ, յառաջատարներէն ետ կը մնայ կէս կէտով:
Բ. մրցաշարքին գծով Տիգրան Յարութիւնեան, որ յաղթանակ արձանագրեց եւ այժմ ունի 6,5 կէտ, երկու յառաջատարներէն մէկն է: