Սուրիոյ օդային պաշտպանութեան ուժերը դէմ դրին Դամասկոսի մերձակայքին վրայ իսրայէլեան յարձակումներու:
ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ օդային պաշտպանութեան ուժերը վար առած են բռնագրաւեալ Կոլանի վերեւէն եկած հրթիռներուն մեծամասնութիւնը, նախքան անոնք իրենց թիրախներուն հասնին:
Իսրայէլեան բանակը իր կարգին հաղորդեց, որ հարուածած է Դամասկոսի մօտ Իսլամական ժիհատ շարժումի դիրքերը:
Պաղեստինեան շարժումը յայտնեց, որ իր շարքերուն մէջ արձանագրուած են երկու զոհեր: