Վրաստանի մէջ ստեղծուած է Դաւիթ Գարեջիի վանական համալիրի պաշտպանութեան կոմիտէ: Նախաձեռնողը` իրաւապաշտպաններու միութեան ղեկավար Նիքոլոզ Մժաւանածէն է:
Կոմիտէի առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած է Թիֆլիսի մէջ, նախագահական նստավայրի դիմաց: Իր դիմատետրեան էջին վրայ Մժաւանածէն կը նշէ, որ մօտիկ ապագային քայլերու պիտի ձեռնարկուին վրաց-ազրպէյճանական սահմանին վրայ գտնուող վրացական եկեղեցիներու` ազրպէյճանական բռնագրաւումին դէմ պայքարելու համար:
«Ազրպէյճանական բռնագրաւող ուժերը պէտք է անյապաղ հեռանան Դաւիթ Գարեջիի տարածքէն», յայտարարած է Մժաւանածէ` վրացական «Օպիէքթիւի» պատկերասփիւռի կայանէն: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Ինֆոթեքա24» կայքը:
Դաւիթ Գարեջիի վերաբերեալ թեման վերջերս արծարծած էին վրացի այլ հասարակական գործիչներ: Ընդդիմադիր գործիչ, արեւելագէտ Կուպազ Սանիքիծէն եւ քաղաքագէտ Դաւիթ Աքուպարտիան խստօրէն դատապարտած էին Ազրպէյճանի նկրտումները` թէ՛ վանական համալիրի, թէ՛ ալ պետական քաղաքականութեան վերաբերեալ: Ատկէ ետք Ազրպէյճանէն հնչեցին քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու սպառնալիքներ եւ, ինչպէս արդէն «ընդունուած է», ատոր մէջ փորձած են գտնել «հայկական հետք»:
Յիշեցնենք, որ 1991-ին, երկու երկիրներու անկախացումէն ի վեր, 6-րդ դարուն պատկանող ժայռափոր Դաւիթ Գարեջիի վանական համալիրը, զոր ազրպէյճանցիները կը կոչեն Քեշիքչիտաղ եւ կը նշեն, թէ անիկա աղուաններուն կը պատկանի, դարձած է կռուախնձոր երկու երկիրներուն միջեւ, սակայն կողմերը, մասնաւորաբար` վրացիները, կը փորձեն առանց իրենց «բարեկամներու» հետ յարաբերութիւնները փճացնելու հարցը լուծել խաղաղօրէն:
Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ սահմանագծման աշխատանքներու ժամանակ (որ մինչեւ օրս կը շարունակուին) վրացիներու կողմէ բազմիցս խօսուած եւ առաջարկուած է տարածքներ փոխանակել, որովհետեւ վանական համալիրը վրացի ազգին համար սրբավայր է, սակայն ազրպէյճանցիները կը մերժեն առաջարկը: Պատճառը ակնյայտ է` համալիրը ունի ռազմավարական կարեւոր նշանակութիւն ոչ միայն Հայաստանի, այլ նոյնիսկ Վրաստանի դէմ օգտագործուելու համար: