24 փետրուարին Երեւանի մէջ հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու խորհրդաժողովին, որուն կը մասնակցին աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ գործող Հայ դատի աւելի քան 20 յանձնախումբերէ եւ գրասենեակներէ, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ կուսակցական մարմիններէ շուրջ 50 ներկայացուցիչներ:
Համաժողովի օրակարգը կը վերաբերի Հայ դատի յանձնախումբերու եւ գրասենեակներու աշխատանքներու բոլոր ոլորտներուն` Արցախի տագնապէն մինչեւ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչում, հատուցումներ, Թուրքիա-Ազրպէյճան հակահայ պայքար:
25 փետրուարին խորհրդաժողովը պիտի շարունակուի Ստեփանակերտի մէջ, Արցախի Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճին մէջ: