Միացեալ Նահանգներու հետախուզութեան ներկայացուցիչները Քոնկրեսի Ներկայացուցիչներու տան մէջ կայացած լսումի ընթացքին յայտարարած են, որ Ռուսիան, ենթադրաբար, կը միջամտէ 2020 թուականի նախագահական ընտրութեան, որպէսզի նախագահ Տանըլտ Թրամփ վերընտրուի: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը` վկայակոչելով հինգ իրազեկ աղբիւրներ:
Կը հաղորդուի, որ լսումը տեղի ունեցած է 13 փետրուարին, իսկ յաջորդ օրը Թրամփ խիստ քննադատութեան ենթարկած է Ազգային հետախուզութեան տնօրէն Ճոզըֆ Մակուայրը, որ քանի մը օրէն հեռացուած է պաշտօնէն:
Ամերիկեան ազդեցիկ օրաթերթին տուեալներով` նախագահը կը կարծէ, թէ դեմոկրատական քոնկրեսականները կրնան ստացուած տեղեկութիւնը իր դէմ օգտագործել:
Թրամփ աւելի կանուխ յայտարարած էր, որ Ազգային հետախուզութեան տնօրէնի պաշտօնը պիտի վարէ Գերմանիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Կրենըլը: Սակայն վարչակազմէն երկու աղբիւրներ յայտնած են, որ Ճոզըֆ Մըկուայըրի հեռացումը եւ Թրամփի դժգոհութիւնը յառաջացուցած լսումը պարզապէս համընկնած են, եւ որ Թրամփ շատոնց կը պատրաստուէր Մըկուայըրը պաշտօնէ ազատել:
Յիշեցնենք, որ մարտ 2019-ին Միացեալ Նահանգներու մէջ աւարտած էր Միւլլըրի վարած հետաքննութիւնը, որ կը վերաբերէր 2016-ի նախագահական ընտրութեան Ռուսիոյ հաւանական միջամտութեան: Երկու տարի տեւած հետաքննութիւնը սկսած էր նախագահ Թրամփի երդման արարողութենէն ետք, երբ լուրջ կասկածներ յայտնուած էին, թէ Քրեմլինի միջամտութիւնը նպաստած է Թրամփի յաղթանակին:
Թրամփ բազմիցս հերքած էր ռուսական միջամտութեան հաւանականութիւնը` Միւլլըրին կոչ ուղղելով` դադրեցնելու «ամօթալի» հետաքննութիւնը: Մոսկուան, իր կարգին, յայտարարած էր, որ որեւէ առնչութիւն չունի 2016-ի նախագահական ընտրութեան հետ: