Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը ընկերային ցանցի վրայ գրառում մը կատարելով յայտարարեց. «Մոսկուան Լիպիոյ վերաբերող նոր խորհրդաժողովի մը գումարման չի պատրաստուիր, ինչպէս այլ մայրաքաղաքներ կը կատարեն, ուստի, մեր կարծիքով, լիպիական տագնապի լուծման մէջ յառաջխաղացքը այս հարցին շուրջ միջազգային խորհրդաժողովներու թիւէն կախեալ չէ, այլ` անոնց ընթացքին որդեգրուած որոշումներու գործադրութեան որակէն»:
Լիպիոյ ազգային բանակի աղբիւրները երէկ յայտնեցին, որ մայրաքաղաք Թրիփոլիի մէջ բախումներու ընթացքին սպաննուած են 16 թուրք զինուորներ եւ աւելի քան 100 սուրիացիներ:
Մինչ այդ` Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան ներքին գործոց նախարար Ֆաթհի Պաշաղա յայտարարեց, որ իր կառավարութիւնը Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Մարք Էսփըրի` Ափրիկէի մէջ ամերիկեան զինուորական ներկայութիւնը կրճատելով, աշխարհի վրայ այդ ուժերու տեղակայումը Ռուսիոյ եւ Չինաստանի դիմակայման վրայ կեդրոնացնելու ծրագիրներ մշակելէն ետք, Միացեալ Նահանգներուն առաջարկած է Լիպիոյ մէջ ռազմակայան կառուցել: