Ֆրանսա, քաղաքական իսլամութեան դէմ պայքարի ծիրին մէջ, պիտի սահմանափակէ երկրին մէջ գործող մզկիթներուն եղած օտարերկրեայ ֆինանսաւորումը, վերջ տայ օտար երկիրներու կողմէ իմամներու նշանակման եւ յետս կոչէ այլ երկիրներուն իրենց լեզուներուն դասաւանդման արտօնութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆայնանշըլ Թայմզ» օրաթերթը:
Օրաթերթը նշեց, որ տեղական ընտրութիւններու նախօրեակին աջակողմեան քուէարկողներու աջակցութիւնը ապահովելու մտադրութիւն ունեցող Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի այս արշաւին նպատակը, իր խօսքով, ֆրանսական քաղաքներու մէջ իսլամական «անջատողականութեան» դէմ պայքարն է:
«Անընդունելի է, որ ոեւէ մէկը` յանուն կրօնի մը կամ օտար երկիրի մը, չյարգէ ֆրանսական հանրապետութեան օրէնքները», ըսաւ Մաքրոն` աւելցնելով. «Հանրապետութիւնը պէտք է յարգէ իր խոստումները, պէտք է պայքարինք խտրականութեան դէմ, ամէնուր պէտք է արժանելիութիւն կիրարկենք»:
Մաքրոն ըսաւ, որ Ֆրանսայի արաբերէն, թրքերէն եւ իրենց ծագման երկիրներու լեզուները սորվող 80.000 աշակերտներուն դասընթացքները «անջատողականութեան կարեւոր միջավայր մը» կը ստեղծեն` նկատի ունենալով, որ ուսուցիչներէն շատեր ֆրանսերէն չեն խօսիր եւ ֆրանսական մշակոյթով չեն հետաքրքրուած:
Ֆրանսայի մէջ ծառայելու նշանակուած բազմաթիւ իմամներ առնչուած են սալաֆականութեան կամ Իսլամ Եղբայրներուն հետ եւ «հանրապետութեան դէմ քարոզչութիւն կը կատարեն», ըսաւ Մաքրոն` աւելցնելով, որ Ֆրանսան «իմամները Ֆրանսայի մէջ պիտի պատրաստէ, որպէսզի հանրապետութեան լեզուն եւ օրէնքները սորվին»:
Ան նաեւ դիտել տուաւ, որ Ֆրանսան չէ կրցած օտար ուսուցիչներու հարցին շուրջ Թուրքիոյ հետ համաձայնութիւն գոյացնել: «Տակաւին յոյս ունիմ, սակայն եթէ Թուրքիան չհամոզուի, ապա Ֆրանսան ինք այս կրթութիւնը պիտի տրամադրէ», ըստ «Ամերիկայի Ձայն»-ին, թրքական ծառայութեան ըսած է Մաքրոն:
«Ֆրանսա ապրող թուրքերը ֆրանսացի են ինչպէս այս երկիրին մէջ ապրող բոլոր այլ անձերը», ըսաւ Ֆրանսայի նախագահը` աւելցնելով. «Թրքական օրէնքները անընդունելի են ֆրանսական հողի վրայ»:
Նշենք, որ Ֆրանսայի մէջ 5,7 միլիոն իսլամներ կը բնակին: