Հայաստանի ծանրաբարձութեան հաւաքականի անդամ Սիմոն Մարտիրոսեան ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնին «Տարուան լաւագոյն ծանրաբարձի» դասաւորման մէջ գրաւեց երկրորդ դիրքը:
«Այ. Պի. Էֆ.»-ի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ կազմակերպուած քուէարկութեան արդիւնքներուն լոյսին տակ, Մարտիրոսեան ապահովեց 5,514 ձայն:
Առաջին դիրքին վրայ է աշխարհի, Եւրոպայի եւ ողիմպիական խաղերու ախոյեան, վրացի Լաշա Թալախաձէ (17,084 ձայն):
Նշենք, որ 2019-ին Մարտիրոսեան հանդիսացաւ աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան: