Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Հալէպի Համալսարանին Մէջ Ընթացք Առաւ Հայերէնի Ուսուցման Ծրագիրը
1 փետրուարին Հալէպի պետական համալսարանի Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարանին մէջ սկսաւ հայերէնի ուսուցման ծրագիրը, որուն առաջին փուլին իրենց մասնակցութիւնը բերին աւելի քան տասը ուսանողներ եւ վկայեալ մասնագէտներ: Դասաւանդութիւնը կը կատարէ Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական հիմնարկի դասախօս Մարիա Գաբրիէլեան:
Դասընթացքի նպատակին եւ ընթացքին մասին խօսելով` Հալէպի պետական համալսարանի Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարանի տնօրէն դոկտ. Մոհամետ Խէյրի ըսաւ, որ ուսումնարանին առաքելութիւնը մարդասիրական է եւ կը նպատակադրէ քաջալերել ազգային լեզուները: Ան նկատել տուաւ, որ հայերէնի դասընթացքին ընդունելութիւնը շատ լաւ էր, աւելցնելով, որ ծրագիրին երկրորդ նպատակն է լուսարձակի տակ առնել նշեալ լեզուները օգտագործող ազգերուն մշակոյթը եւ պատմութիւնը, հասարակութիւնը ծանօթացնել անոնց մշակոյթին եւ կարեւորութիւն ընծայել սուրիական ընկերութեան բազմագոյն խճանկարին: Ան յայտնեց, որ սուրիական ընկերութիւնը հարուստ է, զանազան մշակոյթներ կը պարփակէ, որ ընկերութեան առաւելութիւնը եւ հարստութիւնն է:
Դասընթացքին մասնակցող դատախազ Հալա Նաամի շնորհակալութիւն յայտնեց ստեղծուած առիթին համար` աւելցնելով, որ ինք կը մասնակցի, որովհետեւ իրենց միջավայրին մէջ հայերուն թիւը մեծ է, եւ ամուսինն ալ հայ է, նաեւ նկատած է, որ հայերը որեւէ աշխատանք բծախնդիր մանրամասնութեամբ կ՛իրականացնեն, ինչ ոլորտի ալ վերաբերի, հետեւաբար ուզած է ծանօթանալ հայկական մշակոյթին եւ մտածելակերպին:
Իր կարգին, փաստաբան Մէյսուն Ումար յայտնեց, որ ուզած է սորվիլ հայերէն, որովհետեւ իրեն համար նոր, անծանօթ լեզու մըն է, եւ ինք կը սիրէ նորութիւնները: Ան յայտնեց, որ հայ ժողովուրդը աշխատասէր եւ ստեղծարար ժողովուրդ է, եւ Սուրիոյ տագնապի օրերուն միշտ իրենց կողքին էր նաեւ Հայաստանը, եւ ինք հայ ընկերուհիներ ալ ունի, եւ այս բոլորը զինք կը մղեն, որ սորվի հայերէն եւ ծանօթանայ հայ մշակոյթին:
Հալէպի պետական համալսարանի Լեզուներու բարձրագոյն ուսումնարանի փոխտնօրէն Ռիմ Իսա իր ուրախութիւնը յայտնեց հայերէնի ուսուցման ծրագիրի իրագործման համար` աւելցնելով, որ առաջին անգամ ըլլալով Հալէպի պետական համալսարանին մէջ ընթացք կ՛առնէ հայերէնի դասաւանդութիւնը: Ան ըսաւ, որ ուսումնարանին նպատակն է կենսունակ պահել օգտագործուող ազգային լեզուները, ինչպէս նաեւ` բարձրացնել օտար լեզուներու իմացութեան եւ ուսուցման մակարդակը, ուսումնական հաստատութիւնները օժտել լեզուներու գիտակ մարդուժով եւ աշխուժացնել գործակցութիւնը լեզուներու ուսումնարանին եւ Հալէպի ուսումնական պետական եւ մասնաւոր հատուածի հաստատութիւններուն միջեւ:
Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկի տնօրէն Սիլվա Ճապաղջուրեան նկատել տուաւ, որ Հալէպի պետական համալսարանին մէջ հայերէնի ուսուցման այս դասընթացքը գործնական արտայայտութիւնն է մեր լեզուին նկատմամբ` իբրեւ ազգային լեզու, Սուրիոյ պետութեան տածած յարգանքին, ինչպէս նաեւ հայ համայնքի գոյութիւնը գնահատող քայլ է, աւելցնելով, որ գնահատելի նախաձեռնութիւն մըն է, որուն համար շնորհակալութիւն յայտնեց նախաձեռնող կողմերուն եւ յաջողութիւն մաղթեց մասնակցողներուն: Ան յոյս յայտնեց, որ այս քայլը զարգանալով` կը հասնի Հալէպի պետական համալսարանին մէջ հայագիտական ամպիոնի հիմնադրման ծրագիրին, աւելցնելով, որ այս աշխատանքը Սուրիոյ մէջ հայութեան վայելած յարգանքին արգասիքն է նաեւ:
Միացեալ Նահանգներ
Փասատինայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Զօրակցի Քաղաքապետ Թորնեքի Վերընտրութեան
Փասատինայի Հայ դատի յանձնախումբը որոշած է 3 մարտին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն նեցուկ կանգնիլ քաղաքապետ Թերի Թորնեքի վերընտրութեան պայքարին` նկատի ունենալով անոր պաշտօնավարութեան չորս տարիներու ընթացքին իրագործումները, ինչպէս նաեւ` շրջանի հայութեան ցուցաբերած անոր աջակցութիւնը:
Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Շողիկ Եփրեմեան յայտնեց, որ քաղաքապետ Թորնեք Փասատինայի ապագային նկատմամբ իր տեսլականով հանրային սպասարկութեանց մարզը զգալիօրէն ընդարձակած է` նոյն ժամանակ կրճատելով քաղաքապետարանի ամավարկին բացը:
Թորնեք յոյժ կարեւոր կը նկատէ քաղաքին մէջ ապահովութեան ամրապնդումը, ինչպէս նաեւ դպրոցներու որակի բարելաւումը եւ աշխատանքի որակաւոր կարելիութեանց ստեղծումը: Քաղաքապետ ընտրուելէ առաջ ան երկու առիթներով ընտրուած է Փասատինայի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ (7-րդ ընտրատարածքէն):
Միշիկընի Հայ Դատի Ներկայացուցիչներու Հանդիպումը Քոնկրեսական Հալի Սթիվընզի Հետ
Վերջերս Միշիկընի Հայ դատի յանձնախումբէն պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Ծովինար Համագործեան, Սեպուհ Համագործեան եւ Րաֆֆի Ուրլեան, այցելեց քոնկրեսական Հալի Սթիվընզի (դեմոկրատ)` շնորհակալութիւն յայտնելու անոր իր ցուցաբերած գործակցութեան համար` թէ՛ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման թիւ 296 բանաձեւին եւ թէ՛ Հայաստանին կատարուելիք օժանդակութիւնը ապահովելու ջանքին:
Սթիվընզ գոհունակութեամբ յայտնեց, որ պիտի շարունակէ հետեւողական կերպով գործակցիլ Հայ դատին հետ` շարունակ թիկունք կանգնելով ի նպաստ Հայաստանի եւ Արցախի որոշումներուն:
Տեսակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ շրջանի նորակառոյց Հայ կեդրոնին, որ կը գտնուի իր ղեկավարած շրջանին մէջ: Սթիվընզ նկատել տուաւ, որ մեծ խանդավառութեամբ կը սպասէ նոր կեդրոնի բացման հանդիսութեան` վստահեցնելով, որ անպայման ներկայ պիտի գտնուի բացումին:
Հայ դատի յանձնախումբին անունով Ծովինար Համագործեան շնորհակալութիւն յայտնեց քոնկրեսական Սթիվընզի` աւելցնելով, որ Հայ դատին թիկունք կանգնելով` ան փաստեց, որ կը մնայ մօտիկ բարեկամ եւ գործընկեր, իսկ Րաֆֆի Ուրլեան նկատել տուաւ, որ պիտի շարունակուի Սթիվընզի հետ գործակցութիւնը, յատկապէս` Արցախի վերաբերեալ տրուելիք որոշումներուն գծով:
Քանատա
Հանդիպումներ`
Քաղաքական Անձնաւորութիւններու Հետ
Քանատա-Հայաստան Խորհրդարանական Խմբակցութեան Նախագահ Պրայըն Մէյի Հետ
Յունուար ամսուան աւարտին Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի Օթթաուայի գրասենեակի վարիչ-գործավար Սեւակ Պէլեան շարք մը հանդիպումներ ունեցաւ դաշնակցային երեսփոխաններու եւ պետական պաշտօնատարներու հետ:
Յատուկ հանդիպումներ կայացան` Քանատա-Հայաստան խորհրդարանական խմբակցութեան նախագահ Պրայըն Մէյի, խմբակցութեան փոխատենապետ եւ Նոր ժողովրդավարական կուսակցութեան փոխնախագահ երեսփոխան Ալեքսանտր Պուլերիսի, երեսփոխան Մայքըլ Քուփըրի եւ շարք մը այլ պետական պաշտօնատարներու հետ:
Հանդիպումներու ընթացքին քննարկուեցան Քանատա-Հայաստան խորհրդարանական խմբակցութեան գործունէութեան, երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման, արցախեան հիմնահարցի խաղաղ կարգաւորման հարցերը:
Արցախի Բարեկամական Խմբակցութեան Ղեկավար Ռէյչըլ Հարտըրի Հետ
30 յունուար, 2020-ին Սեւակ Պէլեան յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ Քանատայի խորհրդարանի Արցախի բարեկամական խմբակցութեան ղեկավար Ռէյչըլ Հարտըրի հետ:
Հանդիպման ընթացքին, ընթացիկ հարցերու կողքին, կողմերը քննարկեցին` մարտ 31-ին Արցախի մէջ տեղի ունենալիք նախագահական եւ խորհրդարանական համաժամանակեայ ընտրութեանց հոլովոյթն ու անոնց կարեւորութիւնը, բանակցային ներկայ գործընթացը, խմբակցութեան յառաջիկայ ծրագիրներն ու շարք մը այլ առաջնային կարեւորութիւն ունեցող հարցեր:
Ժողովի աւարտին կողմերը հաստատեցին խմբակցութիւնը առաւել ընդլայնելու հրամայականը եւ արցախեան հիմնահարցը Քանատայի նորընտիր խորհրդարանականներուն աւելի մօտէն ծանօթացնելու անհրաժեշտութիւնը:
Ժառանգութեան Նախարար Սթիվըն Կիլպոյի Հետ
31 յունուար 2020-ին Քանատայի Հայ դատի շրջանային եւ Քեպեքի տեղական յանձնախումբերը ներկայացնող միացեալ պատուիրակութիւն մը հանդիպում ունեցաւ Քանատայի նորանշանակ ժառանգութեան նախարար Սթիվըն Կիլպոյի հետ:
Հանդիպումի ընթացքին Հայ դատի ներկայացուցիչները նախարարին համապարփակ ձեւով ներկայացուցին քանատահայութեան պատմութիւնն ու Հայ դատի գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ առիթը ունեցան անոր հետ քննարկելու շարք մը կարեւոր հարցեր:
Քննարկումի առարկայ դարձան ցեղասպանութեանց յիշատակման, դատապարտման եւ կանխարգիլման ամսուան աշխատանքները, Քանատա-Հայաստան երկկողմանի յարաբերութիւնները, ցեղասպանութեան ուսուցման կարեւորութիւնը եւ Քանատայի մէջ առցանց ատելութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ պայքարի գործընթացն ու Հայ դատի յանձնախումբին տարած աշխատանքը այդ ուղղութեամբ:
Նախարարը իր կարգին գնահատանքով արտայայտուեցաւ քանատահայութեան եւ Հայ դատի յանձնախումբի գործունէութեան մասին եւ իր ամբողջական պատրաստակամութիւնը յայտնեց վերոնշեալ հարցերու շուրջ համագործակցելու ուղղութեամբ:
Ալպերթա Նահանգի Վարչապետ Ճէյսըն Քենիի Հետ
4 փետրուար 2020-ին Մոնրէալի մէջ տեղի ունեցած յատուկ ընդունելութեան մը ընթացքին Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը տեսակցեցաւ Ալպերթա նահանգի վարչապետ, դաշնակցային նախկին նախարար եւ հայ ժողովուրդի մեծ բարեկամ Ճէյսըն Քենիի հետ:
Հայ դատի պատուիրակները վերյիշեցին իրենց ունեցած սերտ գործակցութիւնը վարչապետ Քենիի հետ եւ անոր ցուցաբերած անվերապահ աջակցութիւնը` քանատահայ համայնքին: Անոնք նաեւ շնորհաւորեցին Քենիի արձանագրած ընտրական յաջողութիւնը Ալպերթայի մէջ` մաղթելով յաջողութիւն:
Նշենք, որ Քենի այս ընդունելութիւնը կազմակերպած էր յատկապէս հանդիպելու տարբեր համայնքներու ներկայացուցիչներու եւ բարեկամներու հետ, որոնց հետ ինք անմիջական համագործակցութիւն ունեցած էր դաշնակցային իր պետական գործունէութեան ընթացքին:
Պոլիս
Շքանշանի Տուչութիւն` «Նոր Մարմարա»-ի Երկար Տարիներու Խմբագրապետ Ռոպէր Հատտէճեանին
Վերջերս Ֆերիգիւղի «Նազար Շիրինօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի երեկոյ` նուիրուած «Մարմարա» օրաթերթի կէսդարեայ բազմավաստակ խմբագիր, հրապարակագիր, գրագէտ, թատերագիր, մտաւորական Ռոպէր Հատտէճեանի:
Բացման խօսքը արտասանեց օրուան հանդիսավար Պոմոնթի Մխիթարեան վարժարանի ուսուցչուհի Ասլին Տիշճի, որմէ ետք ներկայացուեցաւ օրուան մեծարեալի կենսագրական գիծերը:
Օրուան առաջին բանախօսն էր թուրք գրականագէտ Սերտար Քորուճու, որ խօսեցաւ մասնաւորաբար «Առաստաղ» վէպի թրքերէն թարգմանութեան մասին ու վերլուծեց անդամալոյծ գլխաւոր հերոսին կերպարը` շեշտելով, որ Ռ. Հատտէճեան յաջողած է խոհափիլիսոփայական մօտեցումներով ընթերցողներու դատին յանձնել իր հերոսը ու ներկայացնել այնպիսի մանրամասնութիւններ, որոնք ամէնէն պարզ նիւթերու շուրջ խորունկ մտածումներու կը մղեն ընթերցողը:
Յաջորդ բանախօսը` Կեդրոնական ու Սամաթիոյ Անարատ յղութիւն վարժարանի հայերէնի ուսուցիչ Արաս Սարըչօպան յայտնեց, որ մեծարեալը իր իննսունչորսամեայ կեանքին մէջ կը խտացնէ նորավիպագիրի, թատերագիրի, վիպագիրի, հրապարակագիրի, թարգմանիչի ու խմբագրապետի հանգամանքները եւ ունի գրեթէ ամէն սեռէ գործ, արժանացած է գրական բազմաթիւ մրցանակներու ու շքանշաններու: Այնուհետեւ «Շեհիր» համալսարանի դասախօս Ֆաթիհ Մեհմետ Ուսլու հայերէնով եւ թրքերէնով արտասանեց իր սրտի խօսքը:
Ապա շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ մեծարեալ Ռ. Հատտէճեան, որուն յաջորդեց մշակոյթի նախարարի տեղակալ, Պէյօղլուի նախկին քաղաքապետ Ահմետ Միսպահ Տեմիրճանի խօսքը:
Աւարտին կարդացուեցաւ կոնդակը, որմէ ետք կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Լեւոն արք. Զէքիեան մեծարեալին յանձնեց «Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան» մետալ եւ արտասանեց հաւաքոյթին հուսկ բանքը:
«Համշէնուհի» Միութիւնը Փայլանը Ներկայացուցած Է` Իբրեւ Նոպելեան Խաղաղութեան Մրցանակի Թեկնածու
«Համշէնուհի» համշէնահայերու կիներու միջազգային միութեան ղեկավար Սայիտա Օհանեան 24 յունուարին տեղեկացուց, որ դիմում ներկայացուած է Նոպելեան յանձնաժողովին` առաջարկելով Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակ շնորհել Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանին:
Կազմակերպութիւնը Կարօ Փայլանը կը նկարագրէ` իբրեւ այն քաղաքական գործիչը, որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է հայ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ, Իրաքի եւ Թուրքիոյ բնիկ ժողովուրդներուն իրաւունքներու պաշտպանութեան գործին:
Դիմումին մէջ նշուած է, որ Փայլան այն քիչ անձնաւորութիւններէն է, որ պատասխանատուութիւն վերցուցած է պաշտպանելու մարդասիրական արժէքները, տարածաշրջանի բնիկներու, ազգային ու կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքները: Փայլան արմատներով Արեւմտեան Հայաստանի Մալաթիոյ շրջանէն ըլլալով, 1894-1923-ի Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ ողջ մնացած հայերու ընտանիքէ, որպէս իր պատմական հայրենիքին մէջ պատահած Ցեղասպանութեան զոհերու ժառանգորդ, անձնապէս ծանօթ է մարդկութեան դէմ ուղղուած այս սարսափելի յանցագործութեան բոլոր հետեւանքներուն, որոնք ճանչցուած եւ դատապարտուած են Եւրոպայի եւ Ամերիկայի բոլոր առաջատար երկիրներու, Եւրոխորհրդարանի, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ ազդեցիկ միջազգային եւ կրօնական կազմակերպութիւններու կողմէ:
Նշենք, որ Կարօ Փայլան 2018-ին եւս այս մրցանակին թեկնածու ներկայացուած էր վերոյիշեալ կազմակերպութեան կողմէ:
«Համշէնուհի» միութեան նպատակը կիներու իրաւունքներու, Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման, ինչպէս նաեւ աշխարհի բնիկ ժողովուրդներու իրաւունքներու պաշտպանութիւնն է` միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն համաձայն:
Եգիպտոս
Հանդիպում-Զրոյց Դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի Հետ
Կազմակերպութեամբ Գահիրէի Ազգային առաջնորդարանին, 7 փետրուարին «Պըլըքտանեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում-զրոյց` Ծոցի երկիրներու «Աստուածաշունչի ընկերութիւն»-ի քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանին հետ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ տոքթ. Սուրէն Պայրամեան, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց դոկտ. Ճէպէճեանի կենսագրականը:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ դոկտ. Ճէպէճեան, որ անդրադարձաւ մշակոյթ եզրոյթին, յատկապէս` հայկական հարուստ բազմադարեան մշակոյթին, որ անդառնալի կորուստ կրած է Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով, աւելցնելով, որ այս տարիներու ընթացքին հայը ամէն ջանք թափած է յատկապէս սփիւռքի մէջ պահելու եւ զօրացնելու իր ազգային-մշակութային ժառանգութիւնը: Այս ոգիի դրսեւորումի եւ ազգային ինքնութեան գիտակցութիւնը պահելու եւ մշակոյթի կրողը ըլլալու մասին կը վկայէ անոր հեղինակած «Սփիւռքահայ կեանքեր, ինչպէս որ տեսայ» գիրքը, որ բազմաթիւ ճամբորդութիւններու ընթացքին գրուած յօդուածներու հաւաքածոյ մըն է:
Հեղինակին հաստատումով, ամէն տեղ փնտռած է հայկական հետքեր եւ հանդիպած` տեղի հայութեան, որմէ ստացած իր տպաւորութիւնները, մտորումները եւ մտահոգութիւնները յանձնած է թուղթին:
Հետաքրքրական է հեղինակին այն մօտեցումը, որ սփիւռքեան տարբեր հատուածներ իւրովի կը կրեն եւ կը պահպանեն իրենց ինքնութիւնն ու մշակոյթը, կը կրեն տուեալ միջավայրի եւ մշակոյթի ազդեցութիւնը, սակայն տակաւին կը փորձեն կառչած մնալ հայկականութեան` երբեմն առանց լեզուի պահպանումի: Ո՛ւր որ գացած է, որո՛ւ որ հանդիպած է, անոնց մէջ տեսած է հայութիւնը եւ իր պատկանելիութիւնը փնտռող հայուն:
Բանախօսը յատկապէս մատնանշեց, որ օտարացումի ճամբան բռնած հայու այցելութիւնը դէպի հայրենիք` անոր մէջ կ’արթնցնէ ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնը եւ վերադարձ իր ակունքներուն:
Աւարտին դոկտ. Ճէպէճեան մակագրեց իր գիրքերը եւ նուիրեց փափաքողներուն:
Նոր Ջուղա
Հոգեհանգստեան Արարողութիւն` Հայ Ուսանողական «Չհարմահալ» Միութեան Հիմնադիրներու Յիշատակին
Նախաձեռնութեամբ Հայ ուսանողական «Չհարմահալ» միութեան Նոր Ջուղայի մասնաճիւղին, նախագահութեամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Քեչեճեանի, միութեան հիմնադրութեան 90-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ վերջերս Նոր Ջուղայի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն միութեան վեց հիմնադիրներու` Մարտիրոս Մարտիրոսեանի, Սիմոն Իսրայէլեանի, Մնացական Մադաթեանի, Մելքոն Իսրայէլեանի, Սիմոն Աւետիսեանի, Սարգիս Մադաթեանի, ինչպէս նաեւ վախճանեալ անդամներու յիշատակին:
Այնուհետեւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որուն ընթացքին սրբազանը բարձր գնահատեց միութեան 90-ամեայ երթը` շեշտելով, որ միութենականները պէտք է բուռն աշխատանք տանին եւ ջանք չխնայեն հիմնադիրներու նպատակներու իրականացման ուղղութեամբ եւ ամէն ճիգ ի գործ դնեն «Չհարմահալ» միութիւնը առաւել եւս զօրեղացնելու եւ պայծառացնելու համար: