Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի երէկ յայտնեց, որ թշնամիին ծրագիրները ընտրութիւններուն ճամբով պիտի ձախողին, ինչպէս ձախողեցան իսլամական յեղափոխութեան տօնին եւ «Քուտս» ջոկատի հրամանատար Քասեմ Սլէյմանիի յուղարկաւորութեան ընթացքին:
Սայետ Խամենէի դիտել տուաւ, որ ամերիկացիները իրենց երկրին մէջ եւս յարձակումի ենթակայ դարձան Սլէյմանին ահաբեկելու անմիտ արարքին պատճառով, որ իրենց ակնկալածին հակառակ արդիւնքը տուաւ` նշելով, թէ ամերիկացիք ուզած են ահաբեկել շրջանին մէջ մեծ ազդեցութիւն ունեցող Սլէյմանին, որպէսզի կարենան շրջանին տիրել, սակայն այդպէս չեղաւ:
Այաթոլլա Խամենէի ըսաւ, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները կը տապալեն ամերիկացիներուն եւ սիոնականներուն վատ մտադրութիւնները: «Կ՛ուզենք խորհրդարան մը, որ երկիրը դաւադրութիւններէն կը պաշտպանէ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այս ընտրութիւնները «Իրանի թշնամիներուն նենգութեան, խաբէութեան ու սադրանքներուն պատասխան են»:
Խամենէի յայտնեց, թէ խորհրդարանական ընտրութիւններուն վերաբերող ամերիկեան յայտարարութիւնները անոնց վրայ ազդելու եւ իրանցի ժողովուրդը յուսահատեցնելու փորձ են:
«Դուք կը տեսնէք ամերիկացիներուն քարոզչութիւնը, թէ ինչպէ՛ս անոնք կ՛ուզեն իսլամական համակարգն ու ժողովուրդը իրարմէ հեռացնել: Անոնք մնայուն կերպով ատով կը զբաղին», նշեց Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետը:
Նշենք, որ Իրանի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան 21 փետրուարին: 290 երեսփոխանական աթոռի համար կը պայքարին աւելի քան 7 հազար թեկնածուներ, որոնց թեկնածութիւնը հաստատուած է Սահմանադրութեան պահապան խորհուրդին կողմէ: Նախապէս ընտրութիւններուն թեկնածու ներկայանելու դիմում ներկայացուցած էին աւելի քան 15 հազար քաղաքացիներ: