Ատոլֆ Հիթլեր կ՛ուզէր Ռուսիան վերածել Գերմանիոյ հսկայական գաղութի, սակայն անոր քայլերը պատճառ դարձան, որ Գերմանիոյ մէկ մասը ենթարկուի Մոսկուային, իսկ Խորհրդային Միութիւնը դարձաւ գերտէրութիւն: Այս մասին կը գրէ «Նաշընըլ Ինթըրեսթ» պարբերաթերթը:
Ամերիկեան պարբերաթերթը կը նշէ, որ 22 յունիս 1941-ին 4 միլիոն նացի զինուորներ կ՛երազէին տեսնել Քրեմլինի աշտարակները, սակայն փոխարէնը սկսան իրադարձութիւններու շղթայի մը, որ մինչեւ հիմա կը բնութագրէ ներկայ աշխարհը:
Մինչեւ ֆաշական նուաճողներու Խորհրդային Միութիւն ներխուժումը, նոյնիսկ բրիտանացի եւ ամերիկացի փորձագէտները չէին հաւատար, որ Մոսկուան պիտի դիմանայ հիթլերեան «պլիցքրիկ»-ին, սակայն 1945 թուականի մայիսին ինքնին Բրիտանիան կը կոտրուէր, Ֆրանսան կը դատարկուէր, իսկ գերմանացիները կը դիտէին, թէ ինչպէս խորհրդային հրասայլերը կ՛անցնին Պերլինի աւերակներու վրայէն: Ռուսիան է, որ արիւնաքամ, սակայն յաղթական բռնցքամարտիկի պէս մնաց ոտքի եւ դարձաւ գերհզօր պետութիւն:
Միեւնոյն ժամանակ, օրաթերթը կը նշէ, որ եթէ չըլլար Համաշխարհային Բ. պատերազմը, Խորհրդային Միութիւնը իշխանութիւն չէր ստանար իր «Եւրոպական կայսրութեան» նկատմամբ:
«Պոլշեւիզմի դէմ խաչակիրներու արշաւանք»-ին ընթացքին Գերմանիոյ միացած Ռումանիան, Հունգարիան եւ Պուլկարիան նոյնպէս ջախջախուեցան Կարմիր բանակի կողմէ, եւ իբրեւ արդիւնք այս պետութիւններուն մէջ հաստատուեցաւ համայնավարական իշխանութիւն: Համայնավարական դաշինքին միացան նաեւ ֆաշականներէն ազատագրուած Լեհաստանն ու Չեխոսլովաքիան:
Պարբերաթերթը կը նշէ նաեւ, որ առանց ֆաշականներու ներխուժման, այսօրուան Ռուսիոյ սահմաններն ալ այլ պիտի ըլլային: Արեւելեան Փրուսիան, որուն նախկին տարածքի վրայ հիմա Ռուսիոյ Քալինինկրատի շրջանն է, պիտի ըլլար Գերմանիոյ մէկ մասը:
Յօդուածի վերջաւորութեան հեղինակը կը յիշեցնէ, որ 1939 թուականին աշխարհը բազմաբեւեռ էր, եւ բազմաթիւ պետութիւններ կը պայքարէին իշխանութեան համար, իսկ 1945-ին աշխարհի վրայ կար երկու գերտէրութիւն` Խորհրդային Միութիւնն ու Միացեալ Նահանգները, իսկ միւսները ջախջախուած, գրաւուած կամ ուժասպառ էին: