Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ իր աւարտին հասնող Եւրոպայի ազատ ոճի ըմբշամարտի ախոյեանութեան Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Արսէն Յարութիւնեան, 61 քկ դասակարգին մէջ յաջողեցաւ ապահովել պրոնզէ մետալ մը` 10-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով յոյն Ճիորճիոս Փիլիտիսի հետ:
Նշենք, որ Յարութիւնեան նախորդ տարի հանդիսացած էր Եւրոպայի ախոյեան:
125 քկ դասակարգին մէջ Հայաստանի մէկ այլ ներկայացուցիչը` Լեւան Բերիանիցէ, չկրցաւ տիրանալ պրոնզ մետալին:
Նոյնը պատահեցաւ նաեւ Մարզպետ Գալստեանի (92 քկ) պարագային եւս: