Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան` Լիկ-1-ի 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Փարիզ Սեն Ժերմեն 4-4 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց նախավերջին դիրքին վրայ գտնուող Ամիենի հետ:
Հիւրընկալ կազմը, որ առաջին 40 վայրկեանին 3-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը, ապա ստացաւ չորս կոլ, մրցումին վերջին վայրկեանին նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը: