Շաբաթավերջին զուիցերիական Նիոն քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ Եւրօ-2022-ի ֆութսալի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի զտումի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Հայաստանի ֆութսալի ազգային խումբը իրեն մրցակից պիտի ունենայ Պուլկարիան: Այս մասին յայտնեց, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշուեցաւ նաեւ, որ երթի մրցումը պիտի կատարուի Պուլկարիոյ մէջ:
Մրցումներուն օրերը պիտի յստականան այս շաբաթ: