Հայաստանի աթլեթիզմի հաւաքականին անդամ Լեւոն Աղասեան Պալքանեան երկիրներու աթլեթիզմի ախոյեանութեան դարձաւ արծաթ մետալակիր:
Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող այս ախոյեանութեան ան երեք քայլ ոստումի մրցումներուն` արձանագրելով 16,44 մեթր արդիւնք մը, տիրացաւ արծաթ մետալին:
Հայաստանի մնացեալ 9 ներկայացուցիչները որեւէ մետալի չտիրացան այս ախոյեանութեան, որ ողիմպիական խաղերուն համար վարկանշային չէ: