Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու երէկ յայտնեց, թէ իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովին փոխանցած է, թէ Իտլիպի շրջանին մէջ Սուրիոյ բանակի յարձակումները պէտք է անմիջապէս դադրին, եւ այդտեղ մնայուն զինադադար հաստատուի:
Չաւուշօղլու Միւնիխի անվտանգութեան խորհրդաժողովի ծիրին մէջ այս մասին տեղեկացուց լրագրողներուն:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը նաեւ ըսաւ, որ խորհրդաժողովի ծիրին մէջ հանդիպում ունեցած է ամերիկացի օրէնսդիրներու հետ` յայտնելով, որ Ուաշինկթըն պէտք է ամէն պարագայի աշխատանք տանի բարելաւելու Անգարայի հետ յարաբերութիւնները, եւ ոչ թէ ատիկա ընէ միայն Թուրքիոյ ու Ռուսիոյ միջեւ ներկայ լարուածութեան պատճառով:
«Անոնց ըսինք, որ Միացեալ Նահանգներէն կը սպասենք մեր միջեւ գոյութիւն ունեցող դաշինքին համահունչ անկեղծ մօտեցում մը», ըսաւ Չաւուշօղլու:
Չաւուշօղլու շաբաթ օր յայտնեց. «Իտլիպի մէջ զինուորական լուծումի ուղիով կարելի չէ որեւէ կայունութիւն հաստատել: Եթէ Ռուսիոյ հետ Իտլիպի շուրջ համաձայնութեան չհասնինք, վճռական քայլեր պիտի որդեգրենք»:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շաբաթ օր ըսաւ, որ թրքական բանակը սուրիական ուժերը ետ պիտի մղէ, եթէ չհեռանան Իտլիպի մէջ թրքական հսկողութեան կէտերէն: Ան դիտել տուաւ, որ այդ քայլին պիտի դիմէ, եթէ մինչեւ ամսուան աւարտը սուրիական բանակը չնահանջէ:
Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ Դամասկոսի մէջ Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտնեց. «Սուրիացի ժողովուրդը վճռած է սուրիական բոլոր հողերը ազատագրել ահաբեկչութենէն»:
Ռուսական զինուորական աղբիւր մը շաբաթ օր «Ռաշա Թուտէյ»¬ին յայտնեց. «Թուրքիան Իտլիպի մէջ աւելի քան 70 հրասայլ, 200 զրահապատ մեքենայ եւ 80 հրետանի տեղակայած է»:
«Անատոլու» երէկ հաղորդեց, որ թրքական բանակը յաւելեալ ուժեր կ՛ուղարկէ Սուրիոյ հետ սահման:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն շաբաթ օր յայտարարեց. «Համաձայն ենք Մոսկուայի, որ Իտլիպի մէջ կացութիւնը անընդունելի է»:
Սուրիոյ բանակը շաբաթ օր իր վերահսկողութեան տակ առաւ Իտլիպի մէջ Մաարաթ Նաասան գիւղը: