ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի միացեալ յանձնախումբերը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի 19 փետրուար 2020-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին: Ան յայտնեց, որ կառավարութեան շնորհուելիք վստահութեան քուէի էջը փակուած է եւ այժմ բաց է ելեւմտական տագնապի լուծման նպատակով գործելու էջը:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ տեղեկատուութեան մարզը պէտք է հիմնական դերակատարութիւն ունենայ ժողովուրդին պահանջները ճշգրիտ կերպով փոխանցելու: Ան հաստատեց, որ ոեւէ լրագրողի դէմ որդեգրուելիք բռնութիւն դատապարտելի է:
ՏԻՒՐԶԻ համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան յոյս յայտնեց, որ կառավարութիւնը արագ քայլերու կը դիմէ` ելեւմտական, տնտեսական եւ ապրուստի տագնապին լուծման նպատակով:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Անուար Խալիլ երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ հանդիպում ունեցաւ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի հետ: Հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ բոլորս դէմ յանդիման ենք դժուար ժամանակաշրջանի մը, որ Լիբանանի պատմութեան ամէնէն դժուար փուլերէն մէկը պիտի ըլլայ:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Նայիմ Քասեմ յայտնեց, որ կառավարութիւնը պատասխանատու է ամերիկեան տոլարի սանձարձակութեան հարցի լուծման եւ փտածութեան դէմ պայքարին:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Չինաստանի դեսպան Ուանկ Քիճիան շեշտեց, որ իրենք պատրաստ են Լիբանանի մէջ բոլորին հետ գործակցելու:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սելիմ Աուն յայտնեց, որ ներկայիս պայքարը քաղաքական է: «Այս պայքարը կը միտի ձախողեցնել հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը եւ կառավարութեան ու խորհրդարանին մէջ ստեղծել բաց մը», հաստատեց ան:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ հարց տուաւ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէին, որ արդեօք կրնայ ան բացայայտել, թէ այսօր որո՞նք են բաժնետոմսերը գնողները, եւ որո՞նց են այդ բաժնետոմսերուն շահաբաժինները:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ «Եուրոպոնտ»-ի բաժնետոմսերուն նիւթական պարտաւորութիւնը կատարելու իմաստով Լիբանանի դրամատուներու միութեան ցուցաբերած յանձնառութիւնը հսկայ զարմանք կը պատճառէ:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի` իր խօսքը ուղղելով նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի, ըսաւ. «Մեր երիտասարդները ըմբոստացան` ի խնդիր հայրենաշինութեան, որպէսզի կերտեն բոլորին վայելող Լիբանան մը»:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչ յայտնեց, որ ժամանակը հասած է, որ կառավարութիւնը յանդուգն եւ ցաւցնող միջոցառումներ որդեգրէ` երկիրը փլուզումէ փրկելու համար: